Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի վաւերաթուղթը` ''դաստիարակել մտաւորական երկխօսութեան
- միասնաբար ապրիլ սիրոյ քաղաքակրթութիւնը'' նիւթին մասին։
Կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովը` 19 դեկտեմբերին կը հրապարակէ վաւերաթուղթ մը Կաթողիկէ
դպրոցի մասին` որուն բնաբանն է` ''Դաստիարակել մտաւորական երկխօսութեան - միասնաբար ապրիլ
սիրոյ քաղաքակրթութիւնը'' Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի քարտուղարը` գերապայծառ
Անճելօ Զանի, 2009ին` Ունեսքոյին` (ՄԱԿի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան)
յայտարարած էր որ ''Եկեղեցին մտադիր է նպաստել մտաւորական միջ-մշակոյթի ու միջկրօնական
երկխօսութեան, իր կրթական ու համալսարանական հաստատութիւններով։ Ան հաստատած է նաեւ որ
''կաթողիկէ լուսաւորութեան կեդրոնները կը ջամբեն ոչ միայն ուսում` այլ եւ կը սատարեն
անհատներու կազմաւորման''։ Վաւերաթուղթը կը զգուշացնէ մշակութային ընտրանիներ պաստրաստելու
փորձութենէն։
Վաւերաթուղթի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի 19 դեկտեմբերի
առաւօտեան ժամը 11,30-ին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի
անուան սրահին մէջ։ Մամլոյ աուսլիսը կը ներկայացնեն Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի
կառավարիչ` Կարտիանլ Զէնոն Կրոքոլեվսքի, Ժողովի քարտուղար` գերապայծառ Զանի եւ Լումսա
համալսարանի դասատու` Փրոֆ. Իթալօ Ֆիորին։